Daily Archives: February 7, 2011

ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

 
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդը, արտայայտելով Արեւմտեան Հայաստանի հայոց կամքը ու գիտակցելով իր պատասխանատւութեան խիստ կարեւորութիւնը իր ժողովուրդի հանդէպ, զոր կ'առնչուի անոնց իղձերու իրականացման եւ խեղաթիւրուած արդարութեան վերականգնման գործընթացին, հանդէս կու գայ հրապարակելու հետեւեալ որոշումը՝
Յենուելով միջազգային հետեւեալ հանգամանքներու վրայ.
ա) ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց համընդհանուր սկզբունքներուն
բ) միջազգային իրաւունքի հանրածանօթ չափանիշներուն
գ) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի կիրառման
անհրաժեշտութեան, որ պահանջուած է Ազգային Խորհուրդի կողմէ 2004թ. դեկտեմբեր 17-ին
ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
Աշխարհասփիւռ հայութեան լիիրաւ պետական կառոյցի մը ստեղծումը, այսինքն՝ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան կազմութեան սկիզբը:

Սոյն կառավարութեան ձեւաւորման երաշխիքները հաստատուած են իրաւական հետեւեալ որոշումներով.

Continue reading