Ցեղին ձայնը

Ազգային գիտակցութիւն
Ընկերային հոգեբանութիւնը մեզ կուսուցանէ, թէ զանգւածային շարժման ամենէն նպաստաւոր հիմքը բնազդներու ոգին է. վասնզի զատ-զատ գիտակցութիւններու միաւորման եւ ամբողջացման պայմանները առաւելապէս հոս է, որ երեւան կուգան: Այդ հիմքին ամենահարազատ կերպով մօտ է ազգային զգացումը: Այդ պատճառով ալ այդ զգացումը յաճախ յենարան հանդիսացած է ամենախոր եւ տարերային թելադրանքներու, որոնք միացուցած եւ բազմացուցած են ժողովուրդները՝ զանոնք մղելով յամառ եւ երկարատեւ պայքարներու: Էական նշանակութիւն չունի այն պարագան, թէ այդ բաղխումները առաջադիմակա՞ն են, թէ՞ ոչ կամ թէ ի՞նչ եղած է ատոնց արդիւնքը: Էականը ա՛յն է, որ այդ կռիւներուն մէջ արտայայտւած է նիւթական եւ հոգեկան վիթխարի ոյժ՝ բղխած ազգային կենդանի զգացումէն: Այս զգացումի զօրութենականութիւնն է, որ ժողովուրդները կը մղէ դէպի վերածնունդը, յաղթանակը: Նոյն այդ զգացումի տկարացումն է, որ կը նախապատրաստէ անոնց անկումը, պարտութիւնը:


Նոր ժամանակը վերստին առաջին գծի վրայ դրաւ ազգայնական գաղափարը: Ըլլայ կեանքի ընդհանուր կազմալուծման առաջընթացը, որ վախ կը պատճառէ ո՛չ միայն անջատ անհատներուն, այլեւ ժողովուրդներուն, ըլլայ կեանքը հաստատուն հիմքի վրայ կառուցելու պահանջը, որ զգալի է հակառակ բոլոր հակասութիւններու եւ անջատողական ոյժերու – այսօր կը մղէն ժողովուրդները վերադառնալու ազգային գաղափարին, ասոր մէջ փնտռելով ելք մը՝ դժւարութիւններէն եւ միջոց մը՝ հակասութիւնները յաղթահարելու: Չկայ աւելի հաստատուն եւ ապահով յենակէտ ա՛յն լծակի համար, որով կուզւի կատարել անցեալի աւերներու դարմանումը եւ ապագայի ճանապարհին բացումը, քան ազգային գիտակցութիւնը: Զուտ ընկերային յեղափոխութիւններն անգամ, որոնց մէջ կարծէք թէ ազգային պարագան դեր չի խաղար – ա՛յս, անգամ նման յեղափոխութիւնները, վերջին հաշւով կը ղեկավարւին ո՛չ թէ յանուն վարդապետութեան մը. այլ յանուն կեանքի կազմակերպութեան, որու պահանջը կառաջադրւի ազգային հաւաքականութեան կողմէ: Ատոր համար պատմութիւնը չի ճանչնար որեւէ ընկերային յեղափոխութիւն, որ վերջնական յաղթանակ տարած ըլլայ ազգային գաղափարի վրայ եւ որ վերջ ի վերջոյ հպատակած չըլլայ նոյն այդ գաղափարին: Այս տեսակէտով ամենաթարմ օրինակը ռուս ընկերային յեղափոխութիւնն է, որու ազգայնացումը դանդաղօրէն, բայց ապահով կերպով առաջ կընթանայ:
Որչափ ալ ռուսական եւ գերմանական յեղափոխութեանց մղիչ ոյժերը տարբեր ըլլան՝ անոնց հետապնդած վերջնական նպատակը միեւնոյնն է – հին անհատականութեան յաղթահարումը՝ նոր հաւաքականութեամբ: Հաւաքականութիւնը, սակայն, անգամ մը ստեղծւած՝ չի կրնար թէ հոս թէ հոն չամրապնդւել ազգային ոգիի ձեւով, եթէ այդ ժողովուրդները կուզեն ստեղծագործել:
Քանի դեռ մարդոց երակներուն մէջ արիւն կը հոսի եւ այդ արիւնը կը պարունակէ ցեղային տարր, քանի դեռ աշխարհի վրայ արեւ կայ եւ անիկա հաւասարապէս չի տաքցներ բոլորին, քանի դեռ ժողովուրդներու հոգե ֆիզիքական առանձնայատկութիւնները կան, եւ անոնց ոյժերը, զարգացման եւ մտածման չափանիշները կը տարբերին, քանի դեռ այդ ժողովուրդները տարբեր լեզուներ կը խօսին եւ անհամահաւասարօրէն կը տեսնեն ու կապրին երկինքն ու երկիրը, քանի դեռ անոնք իրենց գիտակցութեան խորքին մէջ պատմական տարբեր յիշողութիւններ ունին՝ այնքան ատեն, որչափ ալ ընկերային վարդապետութիւնները ճգնին զանոնք իրարու մօտեցնել, անոնց անցեալը պիտի բաժնէ զանոնք իրարմէ եւ ազգային զգացումն ու սկզբունքը պիտի չկորսւի:
Մեր ժողովուրդի նոր վերածնունդն ալ կը հիմնւի նոյն սկզբունքի վրայ: Մենք ալ կը խօսինք ազգային միութեան, ազգային լուսաւորութեան, ազգային մշակոյթի, ազգային պետութեան մասին եւ ջանքեր կը թափենք արթնցնելու ժողովուրդի հոգեկան ոյժը, անոր ստեղծագործ աշխատանքի կամքը եւ ազգային գիտակցութիւնը: Մեր ջանքերը, սակայն, արդիւնաւոր եւ գործունէութիւնը նպատակայարմար ըլլալու համար, պէտք է նախ բացատրենք ազգային գիտակցութեան էութիւնը, անոր հոգեբանական եւ բարոյական բովանդակութիւնը:
Ազգային գիտակցութիւնը յարատեւ քանակութիւն մը չէ: Իր զարգացման ընթացքին անիկա կանցնի քանի մը փուլերէ, որոնք շատ կը յիշեցնեն անհատական զարգացման աստիճանները: Անհատը կը գիտակցի իր գոյութիւնը իբր առանձին բան զինքը շրջապատող աշխարհէն, որ կը պարփակէ նաեւ ուրիշ անհատականութիւններ: Այս է «ես»ին նախնական բովանդակութիւնը: Աւելի ուշ անիկա կը գիտակցի իր անհատական առանձնայատկութիւնները, որոնցմով կը զանազանուի ուրիշ անհատներէ. հոս էականը կը դառնայ ինքնարժէք անհատականութիւնը: Վերջապէս այս անհատականութիւնը կը կազմակերպւի իբր գեղակերտ միութիւն, ուր հոգեկան ընդունակութիւնները լիովին ներդաշնակւած են, իսկ հոգեւոր արժէքները ստորադասւած են աշխարհայեցողութեան մը: Հոս գիտակցւած անհատականութիւնը կը վերածւի անձնաւորութեան:
Ամեն անհատ չի հասնիր զարգացման այս աստիճանին: Ազգայի
ն գիտակցութեան տարրական ձեւը կը համապատասխանէ առաջին փուլին: Անիկա ունի բնազդական եւ անբանական բնոյթ եւ անուղղակիօրէն կը վերածւի, այսպէս ըսւած, ազգային զգացումի: Քանի դեռ ժողովուրդը նահապետական վիճակի մէջ է եւ իր գոյութեան հետ իր բնաւորութիւնը, սովորութիւնները անպաճոյճ կերպով կարտայայտէ՝ անոր ազգային գիտակցութիւնը դեռ բաւական հեռու է այս զգացումէն: Ան ունի իր մտածելակերպը եւ զգացումը, իր ոճը, նիւթական եւ հոգեկան բոլոր արտայայտութեանց մէջ, բայց դեռ չունի այս ոճի եւ կերպի գիտակցութիւնը: Ասոր փոխարէն ան ունի լոկ զգացում մը՝ իր ցեղին հանդէպ, չնայած որ կապրի կենցաղային իր ոճով՝ տակաւին չի գիտեր, թէ ինչի մէջ կը կայանայ անոր էութիւնը, ո՛չ ալ կը գիտակցի թէ ի՞նչ բանի է պէտք ատիկա: Հոս ինքնապահպանումի ձգտումները նախատւեալ եւ գործօն չեն, այլ աւելի շատ կրաւորական ընդդիմութիւն մը, տեսակ մը առհաւական մղումն կայ: Հոս, կարծես ժողովուրդը կը զգայ, որ իր ոգին միասնական կենցաղավարութեան մէջ է, որուն եթէ դաւաճանէ՝ դաւաճանած կըլլայ իր «հաւատք»ին:

Ազգային զգացումը արդիւնք է հաւաքականութեան, որմէ դուրս անջատ անհատին մէջ ան չի կրնար երեւան գալ: Ազգային զգացումը կը բղխի ժողովուրդի ազգակցութենէն, տոհմային կապէն, հայրենիքի աշխարհագրական եւ կլիմայական պայմաններէն, անոր լեզւի ոգիէն, աշխատանքի բնոյթէն, դաւանութենէն, սովորութիւններէն, կարճ, անոր կեանքի ընդհանուր պայմաններէն: Հոգեւոր այս հաւաքականութեան ամենահարազատ բովանդակութիւնը ազգային զգացումն Է: Դա է ամենասերտ կապը հասարակութեան տարրերու եւ ասոնց անջատ-անջատ գիտակցութիւններու միջեւ: Ազգային զգացումը կը հանդիսանայ ժողովուրդի ամենախոր եւ ամենատեւական ոյժը:
Աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ազգային գիտակցութեան զարգացման երկրորդ փուլը: Մինչդեռ առաջին փուլը կը կազմէ այս գիտակցութեան միամիտ, պարզունակ ձեւը, երկրորդը՝ կը ներկայացնէ անոր քննադատական ձեւը: Հոս ալ ազգային գիտակցութիւնը կը հիմնուի ազգային զգացումի վրայ, բայց հոգեբանական կառուցւածքը բոլորովին տարբեր է: Անիկա լոկ զգացում եւ բնազդ չէ, այլ բաւական բարդ, բազմամասն գաղափար: Ազգային առանձնայատկութիւնները այլեւս գիտակցւած են, հոս հասած ենք այլեւս ազգային անհատականութեան գաղափարին: Այս եւ ուրիշ ժողովուրդներու անհատականութեանց միջեւ բոլոր անջրպետները ստեղծւած են: Առանձնայատկութեանց պահպանումը գործօն եւ գիտակցւած բնոյթ ստացած է. հոս բոլոր ստեղծագործ ջանքերու եւ ժողովուրդի զարգացման հիմքը ցեղն է: Ազգային գիտակցութեան մասին խօսելու պարագային՝ ընդհանրապէս նկատի կառնենք գիտակցութեան քննադատական ձեւը: Այդ պատճառաւ ալ աւելի մանրամասնօրէն կանգ պիտի առնենք անոր վրայ:
Քննադատական ազգային գիտակցութեան բովանդակութեան մէջ առաջին գծի վրայ ի յայտ կուգայ ժողովուրդի հոգեւոր միութեան գաղափարը: Այս միութեան ակերը բազմաթիւ են, հոս մենք պիտի յիշենք միայն կարեւորագոյնները:
Ամենախորին եւ ամենահիմնական աղբիւրը արեան ազգականութիւնն է, այսինքն՝ միատեսակ ցեղային ծագումը: Երբեմն ազգային միութեան գաղափարը կապւած էր գերազանցապէս ծագումին: Աւելի յետոյ, սակայն, կենսաբանական այս ըմբռնումը տեղի տւաւ հոգեկանին եւ հազիւ այսօր, մանաւանդ Գերմանիոյ մէջ, անիկա վերստին ստացաւ իր հին նշանակութիւնը: Ըստ էութեան, որքան ալ հոգեկան կապերը եւ յարաբերութիւնները մարդկային հասարակութեան համար կարեւոր ըլլան՝ արեան ազգականութիւնն է, որ հիմնական նշանակութիւն ունի ազգային հաւաքականութեան եւ ազգային գիտակցութեան համար: Անկէ կախում ունին ժողովուրդի խառնւածքը, հոգե ֆիզիքական հակազդեցութեան բնոյթը, անոր կրաւորականութիւնը կամ ներգործօնութիւնը, անոր տոկունութեան եւ գիտակցութեան աստիճանաչափը, զննողական կարողութիւնը եւ այլն:
Ճի՛շդ է, կան ժողովուրդներ, որոնք տարբեր ցեղային բաղկացութիւն ունենալով հանդերձ՝ զօրաւորապէս կարտայայտեն ազգային գիտակցութիւնը, ասիկա կը ցուցանէ, թէ արեան ազգականութիւնը միակ ազդակը չէ, որմէ կախում ունի այս գիտակցութիւնը, ասիկա սակայն, չի կրնար ծառայել իբր հակաապացոյց ընդդէմ արեան ազգականութեան, որ կը կազմէ ազգային գիտակցութեան կենսաբանական հիմքը:
Ֆիզիքական ուրիշ ազդակ մը, որմէ կախում ունի ազգի մը հոգեկան միութիւնը, հայրենի երկիրն է, աշխարհագրական ընդհանուր պայմաններն են – կլիման, տեսարանները, դաշտավայրերը, լեռները, ջրերը: Ռուսաստանի կլիմայական պայմաններու ընդարձակ վետվետումներով կը բացատրւին ռուս ժողովրդի նկարագրի ծայրայեղութիւնները, անոր հակումը դէպի ջանասիրութիւնը եւ միաժամանակ դէպի անտոկունութիւնը: Անգլիոյ խոնաւ եւ մառախլապատ կլիմայով, որ տպաւորութիւնները անյստակ եւ անգոյն կընէ, կը բացատրւի անգլիացիներու ձեւի եւ գոյնի զգացողութեան պակասը: Ռուսաստանի անծայրածիր տափաստաններով կը բացատրւի ռուս հոգիի ընդարձակութիւնը, անոր հակումը կրօնականութեան եւ խորհրդապաշտութեան:
Ազգային միութեան գաղափարը կը պայմանաւորւի նաեւ լեզւ
ի ընդհանրականութեամբ: Հոս ալ կրնանք օրինակներ ցոյց տալ, որոնք կարծէք կը հակասեն վերի տեսակէտին – օրինակ, Միացեալ Նահանգներ, Զւիցերիա, նախկին Աւստրեւհունգար կայսրութիւնը: Բայց հոս, լեզւի դերը այս ժողովուրդներու հոգեկան միութեան տեսակէտով, կը կայանայ միայն պաշտօնական լեզուն սովորելու ձգտումին մէջ, քանի որ ան պարտադրական է կեանքի եւ բանակի մէջ: Հոն, ուր ժողովուրդները կը գործածեն մէկէ աւելի լեզուներ եւ կը մնան իրենց տոհմային զանազանութիւններով՝ ազգային միութեան գիտակցութիւնը շատ կը դժվարանայ: Լեզւի նոյնութիւնը, անոր գործածութիւնը իբր ընդհանրացման միջոց, անուղղակի կերպով, հոգեկան բոլոր արժէքները կը յանձնէ ժողովուրդին: Առաջին պարագային լեզուն ժողովուրդի գիտակցութեան վրայ կազդէ մեքենայական կապով, երկրորդ պարագային՝ առանձնայատուկ արժէքով եւ ուրոյն գեղեցկութեամբ: Թէ առաջին եւ թէ երկրորդ պարագաներուն լեզուն ամենէն շատ կազդէ ազգային ոգիի յատկանշական յուզմունքով, իր զգացողական եւ արտաքին երանգով, կլիմայի եւ հայրենի տեսարաններու արտացոլումով եւ մտքի ու գաղափարներու բովանդակութեամբ, ուր պարփակւած են անցեալ սերունդներու, մեր նախահայրերու եւ հայրերու դարաւոր կեանքի փորձառութիւնները:

Ժողովուրդի մը հոգեւոր միութիւնը կախում ունի նաեւ անոր ընդհանուր պատմութենէն: Ինչպէս նոյնատեսակ վերապրումները անջատ անձնաւորութիւններ իրարու կը մօտեցնէ՝ այդպէս ալ պատմական ընդհանուր դէպքերը հոգեպէս իրարու կը կապէ ազգակիցները: Պատմական ընդհանուր փորձառութիւնը միատեսակօրէն կը մշակէ անջատ գիտակցութիւնները եւ զանօնք նոյնատեսակ յարաբերութեան մէջ կը դնէ աշխարհի եւ կեանքի հանդէպ: Այսպէս, սերունդներու վրայ կազդեն ոþչ միայն անոնց անձնական վերապրումները, այլ եւ անցեալի պատմութիւնը եւ պատմական աւանդութիւնները: Ժողովուրդի պատմական յիշողութիւններն են, որ անցեալը կը կապեն ներկային՝ յանձնելով ապագային:

* * *
Ազգային գիտակցութեան, ժողովուրդի մը հոգեւոր միութեան համար էական գործօն է ե՛ւ կրօնը: Կար ժամանակ, որ կրօնի նշանակութիւնը շա՛տ աւելի մեծ էր, որովհետեւ ան իր մէջ կամփոփէր ժողովուրդի հոգեւոր բովանդակութեան ամբողջութիւնը – իմացական-ապրումնային բոլոր ա՛յն ոգորումները, որոնք այսօր անջատօրէն կարտայայտւին իմաստասիրութեան, գեղարւեստի եւ գիտութեան մէջ:
Վերոյիշեալ ազդակները որպէս ժողովուրդի հոգեկան միութեան տարրեր՝ իրենց արտացոլումն ունեցած են անոր կենցաղավարութեան, բարոյական եւ կրօնական զգացումի, գեղարւեստի, իմաստասիրութեան, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի, երգ ու երաժշտութեան, կարճ՝ բովանդակ ստեղծագործութեան մէջ: Ահա՛ թէ ինչու՞ ազգային գիտակցութեան քննադատական ձեւը կենթադրէ ո՛չ միայն ազգային ոգիի եւ ասոր բոլոր առանձնայատկութիւններու գիտակցումը, այլեւ անոնց պահպանումի եւ մշակումի կամքը՝ որպէս օրգանական զարգացման հիմք, ոգիէն դէպի ազգը, ներսէն, էութենէն դէպի դուրսը, դրսերեւոյթը: Այսպիսի զարգացումն է միայն ստեղծագործական եւ առողջ: Մարդկութեան ընդհանրութեան գաղափարը, որու կրողը հանդիսացաւ աշխարհաքաղաքացիութիւնը, չունի զարգացման հիմք: Բաղդատմամբ ազգային ֆիզիքական եւ հոգեկան բնիմաստ եւ իւրարժէք ընդհանրութեան՝ աշխարհաքաղաքացիութիւնը կը մնայ վերացական գաղափար մը: Այս գաղափարը չի կրնար ջնջել ազգային զգացումի կենսաբանական հիմքը, ո՛չ ալ ազգային ոգիէն դատարկել այն բովանդակութիւնը, որ դիզուած է դարերու փորձառութիւններով եւ պատմական ճակատագրի նոյնութեամբ: Աշխարհաքաղաքացիական միութիւնը ստեղծւած է մտայնօրէն. ան մտացածին է եւ ո՛չ թէ գոյզգացական, ուստի եւ չի կրնար հանդիսանալ ստեղծագործական ազդակ, որովհետեւ ստեղծագործութիւնը կենթադրէ բնա-հոգեբանական որակ մը, այո՛, սուբստանցիէլ ոյժ մը եւ ո՛չ լոկ գաղափարական ընդհանրութեան ըմբռնում մը: Պատահականութիւն չէ, որ գրական, գեղարւեստական թէ այլ կարգի ամեն կարեւոր ստեղծագործութիւն, միþշտ ալ ազգային եղած է:
Ազգային գիտակցութեան աւելիþ բարձր ձեւը ժողովուրդի անհատականութեան գաղափարն է, անոր ինքնարժէքութեան զգացումը: Ինչպէս որ անջատ մարդը աստիճանական զարգացումով կը յանգի այն հասկացողութեան, թէ ինքն առանձնայատկութիւններ ունի, որոնցով կը տարբերի ուրիշ անհատներէ եւ որոնք կը սահմանեն իր ինքնարժողութիւնը, այդպէս ալ ոգիի արթնութեան եւ մշակեալ ըմբռնումներու տէր ժողովուրդները ունին ազգային գիտակցութիւնը՝ իրենց անփոխարինելիութեան, անկրկնելիութեան Եւ ճիշդ ազգի մը ինքնարժէքութիւնը սահմանող այդ առանձնայատկութիւններն են, որոնք իբր ընդունակութիւն-արժէքներ ի պահ կը դրւին մարդկութեան ընդհանուր գանձարանին մէջ՝ որպէս տւեալ ազգի բաժինը: Ի հարկէ ազգային ամէն ընդունակութիւն չունի իր մեծ նշանակութիւնը եւ չի կրնար սահմանել ինքնարժէքութեան գիտակցութիւնը: Ինչպէս անհատը բնազդաբար կը զգայ, որ միայն ինքն ունի արժանաւոր այն ընդունակութիւնները, որոնցմէ հասարակութիւնը շահ ունի, այդպէս ալ ազգը ինքը կը զգայ ու կը գնահատէ աþյն, ինչ որ կը շեշտէ իր
արժանիքը եւ կը գրաւէ ուրիշ ժողովուրդներու ուշադրութիւնը: Ասկէ առաջ կու գայ բարոյական բնոյթագծի ինքնարժէքութեան գիտակցութիւնը: Այս գիտակցութիւնը իր մէջ կը պարփակէ ինքնայարգանքի զգացումը, առանց որու բարոյական չկայ: Միայն ինքնայարգանքի զգացում ունեցողը մաքուր կը պահէ իր խիղճը եւ չի գործեր ասոր հակասող քայլեր. նմանը միայն կրնայ ուրիշներէն յարգանք սպասել: Այսպիսով՝ ազգային ինքնարժէքութեան զգացումը կը դադարի զուտ ցեղային-հոգեբանական գաղափար ըլլալէ եւ կը վերածւի բարոյական որակի: Աւելորդ է բացատրել, թէ ի՜նչ մեծ նշանակութիւն կունենայ բարոյական նման բովանդակութեամբ ազգային գիտակցութիւնը՝ ազգի մը ներքին կեանքի եւ անոր միջազգային յարաբերութիւններու տեսակէտով:

Ազգային ինքնարժէքութեան, որով եւ ինքնայարգանքի զգացումը կենթադրէ ազգային անկախութեան պահանջ: Այս անկախութիւնը նոյնպէս ազգային գիտակցութեան բաղկացուցիչ մէկ մասն է: Բաղկացուցիչ աþյն իմաստով, որ ազգային առողջ գիտակցութիւնը միշտ ի յայտ կուգայ որպէս հոգեբանական եւ բարոյական պայման նւաճումի կամ ազգային հոգեւոր թէ քաղաքական անկախութեան պահպանման: Պէտք չէ, ի հարկէ, մտածել, թէ անկախութեան ձգտումը կը յենւի բացառաբար ինքնարժէքութեան գիտակցութեան եւ ինքնայարգանքի զգացումի վրայ: Այս վերջինները աւելի յենարաններ են անկախութեան ձգտումի, որ աւելիþ խոր կերպով արմատացած է ինքնապահպանումի բնազդի մէջ: Այդ պատճառով ալ ժողովուրդի մը ինքնարժէքութեան զգացումի տկարացումը, անոր անտարբերութիւնը՝ անկախութեան պրոբլեմի հանդէպ կամ անոր հակումը իր անկախութիւնը մասամբ կամ ամբողջութեամբ զոհելու՝ հիւանդութեան կամ այլասերումի նշան է: Միեւնոյն պատճառով պատմական որեւէ ցնցում, որ կասկածել կը մղէ ենթակային՝ սեփական ոյժերու վրայ կամ յուսալքում յառաջ կը բերէ – նման ցնցումներու պատճառած ապրումները կը հարւածեն ազգային գոյութեան կենսաբանական ջիղը:
Ինչպէս անհատի, նոյնպէս եւ ժողովուրդներու համար ինքնապահպանման ձգտումը ոþչ միայն բնական մղում է, այլեւ բարոյական պահանջ: Իւրաքանչիւր ազգ, շնորհիւ իր անհատականութեան, ունի իր առանձնայատուկ պատմա-մշակութային առաքելութիւնը եւ ոþչ մէկը կը գտնւի «Աստուծոյ ճանապարհին», որ կուզէ ժխտել միւսի ինքնարժէքութեան եւ ինքնայայտնութեան իրաւունքը: Աւելին. ինչպէս անջատ մարդը՝ իր կեանքի մէջ նպատակի մը կրնայ հասնիլ իր ազգակիցներու օժանդակութեամբ, այդպէս ալ ժողովուրդ մը կրնայ պատմական իր առաքելութիւնը իրականացնել ուրիշ ժողովուրդներու աշխատակցութեամբ – աշխատակցութեաþմբ, բայց ոþչ հպատակեցումով, գերումով: Այս տեսակէտով ժողովուրդներու փրկութիւնը եւ իդէալական դրացիութիւնը հնարաւոր է միայն աþյն ատեն, երբ կապահովւի անոնցմէ իւրաքանչիւրի, որով՝ բոլորի ազգային անհատականութիւնը, երբ կը վերացւին անոնց պատմական զարգացման ճանապարհին ինկած խոչընդոտները: Իսկականապէս լուսաւորեալ ազգային զգացումը կը բովանդակէ այս իդէալը:
Ազգային գիտակցութեան երրորդ հիմնական բաղկացուցիչ տարրը անջատ ազգակիցներու համերաշխութիւնն է: Հասարակութեան մը պատկանելու համար ամեն բանէ առաջ անհրաժեշտ է համերաշխութեան զգացումը: Ասիկա հիմնական նշանակութիւն ունի ազգային ընդհանրական կեանքի բարոյական բովանդակութեան տեսակէտով, եւ ասով է, որ կը չափենք ժողովուրդի մը բարոյականը, անոր հասարակական կարգապահութիւնը: Ազգային համերաշխութեան գաղափարը կենթադրէ անհատի փաստացի ենթարկումը՝ հաւաքական ընդհանրութեան: Սերտ կապ կայ անհատի եւ ժողովրդի ճակատագրի միջեւ: Մասնաւորապէս աղէտներու ժամանակ այս ճակատագիրը միեւնոյնն է բոլորի համար: Վերջին հաշւով՝ անհատի ապահովութիւնը, բարիքը, չարիքը, արարքներու արդարացումը, յաջողութիւնը, ձախողանքը կախում ունի ժողովուրդի բարոյական վիճակէն, կարծիքէն, վերաբերումէն, դատաստանէն: Անհատը այն ատեն միայն իրաւունք ունի հակասութեան մէջ գտնւիլ հասարակութեան հետ, երբ բարքերու շօշափելի անկում կայ եւ հասարակութիւնը դէպի գոյութեան աւելի բարձր ձեւ մը մղելու պահանջ: Նման պարագաներուն հոգեւոր մեկուսացումը ողբերգական բնոյթ կը ստանայ եւ անյեղաշրջելի ժողովուրդի հետ կը խորտակւի նաեւ անհատը: Հոս ալ ազդու է կապը ճակատագիրներու միջեւ: Այդ կապը ամենապարզ կերպով կը զգացւի, երբ անհատը կը կտրւի իր միջավայրէն եւ ինքզինքը կը գտնէ օտար ազգային ընդհանրութեան մէջ: Հոս եւս հոգեւոր մեկուսացումը ողբերգական բնոյթ կըստանայ: Գաղթականի, տարագրի, մանաւանդ պանդուխտի հոգեբանութիւնը շաþտ հրահանգիչ է այս ուղղութեամբ:
Անհատի ենթարկումը՝ ժողովուրդի ընդհանրութեան, կը գիտակցւի ազգային համերաշխութեան գաղափարով: Այս գաղափարը կը բովանդակւի ազգային գիտակցութեան մէջ եւ կը վերածւի ժողովրդական գործօն կամքի: Ազգային գիտակցութեամբ է, որ քաղաքացիները մասնաւորապէս վտանգի ատեն կը մղւին բարոյական ոյժերու պրկումին, անձնւիրաբար նետւելով պատերազմի կրակին մէջ: Հոս՝ անհատը կը զգայ ազգային ինքնարժէքութեան ծառայելու, պահակելու իր դերը – դեր մը, որ կը զօրացնէ հաւաք
ական ճակատագրի գիտակցութիւնը եւ կը շեշտէ միութեան զգացումը: Բարոյական ոյժերու լարումի շնորհիւ է, որ ռազմիկները յատկապէս զգայուն են ամեն կարգի աններդաշնակութեանց եւ անիրաւութիւններու հանդէպ, ուստի թիկունքը պարտաւոր է բարոյապէս միշտ արթուն գտնւիլ՝ գիտակցելով, որ իր կեցւածքը վճռական ազդեցութիւն ունի ճակատ գտնւող ռազմիկներու տրամադրութեան, որով եւ՝ պայքարի ելքի վրայ: Այսպէս՝ պատմական որեւէ յաջողութեան հիմքը ազգային գիտակցութեամբ պայմանաւորւած համերաշխութեան կամքն է:

Անջատ անհատի համար ժողովուրդի ընդհանրութիւնը «անուղղակի առարկայ» է: Անոր եւ ընդհանրութեան միջեւ յարաբերութիւնները «շարժառիթներ» են, որոնք կը սահմանեն անոր «ընկերային ընթացք»ը, կենցաղակերպը, աշխարհայեացքը: Բարոյական իրաշունչ այս մթնոլորտը չի կրնար ստեղծւիլ համամարդկային որեւէ ընդհանրութեան կողմէ: Բարոյական գիտակցութեան համար, ըստ ինքեան, սահման չկայ, բայց գործնական կեանքի մէջ անոր ստացած արտայայտութիւններուն համար մասնաւոր նշանակութիւն ունի ժողովուրդի ընդհանրութիւնը: Բարոյական ամեն արժէքի եւ գործի չափանիշը ազգային խղճմտանքն է: «Մարդկութիւն»ը, հակառակ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող նիւթական եւ հոգեկան կապերու, կը շարունակէ մնալ տրամաբանական վերացականութիւն մը կամ լաւագոյն պարագային հեռաւոր, անծայրածիր նպատակ մը, որ անհատի գործնական կեանքի համար էական նշանակութիւն չունի: Անհատը սեփական իր ժողովուրդի մէջ միայն ունի խստօրէն որոշւած իր տեղը եւ հոս է, որ ան միշտ կանգ կառնէ ընտանեկան, հասարակական, պետական կեանքէն բղխած բարոյական պարզ ու որոշ խնդիրներու առջեւ: Ազգային ընդհանրութիւնը, անհատի հետ ունեցած կենդանի իր յարաբերութիւններով, կը հսկէ ասոր բարոյական ընթացքի վրայ, մարդկութիւնը, սակայն, չի կրնար անհատին պարտադրել նման անուղղակի ենթակայութիւն կամ մօտէն հսկել անոր բարոյական ընթացքին:
Ազգային համերաշխութեան զգացումը իր բովանդակած բարոյական պարտականութիւններով երեւան կուգայ որպէս լաւագոյն հիմքը հասարակական եւ պետական կեանքի: Եթէ պետութեան մը մէջ քաղաքացիները իրենց փոխադարձ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց դիրքը հանդէպ պետութեան, պայմանաւորէին միայն այն բաներով, որ օրէնքները կը թելադրեն եւ եթէ բացի այդ օրէնքներէն չունենային բարոյական ուրիշ հակակշիռներ կամ չխանդավառւէին իրենց գործերով եւ նպատակներով – նման պարագային չէր կրնար գոյութիւն ունենալ որեւէ պետութիւն:
Այսպէս՝ ազգային գիտակցութիւնը ոþչ միայն կենսաբանական եւ ցեղային արտայայտութիւն է, այլեւ բարոյական ոյժ, որ անընդհատօրէն պէտք է մշակւի, եթէ ժողովուրդ մը կուզէ զարգանալ եւ ամրապնդւիլ: Առաþնց ազգային գիտակցութեան՝ արժէք եւ զօրութենականութիւն չունի որեւէ պետութիւն կամ օրէնք. առաþնց ատոր ժողովուրդը կը տկարանայ, կը կազմալուծւի եւ ժամանակի ընթացքին՝ պատմականօրէն կը մեռնի:
Ազգային գիտակցութեան մշակումը հաւաքական եւ անհատական բարոյականի տեւական գործը պիտի ըլլայ: Եւ ճիշդ ատոր մէջ է ազգային դաստիարակութեան իմաստը: Ազգային դաստիարակութիւնը չի կայանար միայն ազգային ոճի եւ ձեւի մշակման, այլեւ անհատի ընկերային զգացումի եւ բարոյական գիտակցութեան դարբնումի մէջ: Որովհետեւ անհատներու յարաբերութիւններու եւ գործերու բնոյթով է, որ ժողովուրդի ընդհանրութիւնը կը դիմագծւի, կը կառուցւի եւ կամրապնդւի որպէս բարոյական անձնաւորութիւն: Պատմութիւնը կուսուցանէ, որ դարագլխի մը հիմնաքարին վրայ, ուր հոգեւոր մեծ ցնցումի մը հետեւանքով կը շեշտւի ազգային գիտակցութիւնը, ծնունդ կառնեն ժողովուրդի մը մեծ ներկայացուցիչները: Նման անձնաւորութիւններն են նոյն ժողովուրդի հարազատ ղեկավարները, անոնց ոյժն ու հմայքն են, որ կը գրաւեն ժողովուրդի սիրտը, միտքը եւ կամքը, որովհետեւ ատոնց խօսքերը պատգամներ են՝ բղխած ուղղակի ազգային գիտակցութեան հողէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ ժողովրդական վարիչներ, ղեկավար մտաւորականներ ստեղծելու ճամբան ազգային դաստիարակութեան, ազգային գիտակցութեան պահպանման, հասնող սերունդներու բարոյական վերանորոգման ճամբան է:

Արմենակ Բարսեղյան
«Տարօնի Արծիւ», Սոֆիա, 1939թ., թիվ 9-10

«Լուսանցք» թիվ 5, 6 (136, 137), 2010թ.

This entry was posted in Հ.Ա.Մ., Հոդվածներ. Bookmark the permalink.