Ազգի մը քայքայման ու անհետացման պատճառները այնչափ բարդ ու բազմատեսակ են՝ որ անոնց բոլորին ուրոյն ուսումնասիրութիւնը մեր նպատակէն դուրս է: Պիտի ջանանք միայն այդ պատճառներուն մի քանին մատնանիշ ընել:
ա) Ազգերու փճացման պատճառներէն առաջինը այն է, որ յաճախ անոնք այնչափ մասնայատուկ ցեղային յատկանիշներու ծնունդ (specialization of the racial characteristics) կուտան, որ եթե որեւէ պատճառով միջավայրը փոփոխութիւններ կրէ, այն ատեն անոնք միջավայրի այս փոփոխութեանց չկրնալով յարմարիլ՝ փճանալու կը դատապարտուին: Երկրաբանութիւնը ցոյց կուտայ, որ Պրոնթոսօրըս (Brontosaurus), Տիփլոտոգըս (Diplodocus) եւ Սթեկոսօրըսի (Stegosaurus) նման վիթխարի եւ սակայն դանդաղ ու խոտակեր մողեզասեռ կենդանիներ՝ իրենց միջավայրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեանց չկրցան դիմանալ, եւ պզտիկ սակայն խելացի, ճարպիկ ու մսակեր կենդանիներու որս դարձան:
Արդ, կեանքի ու յառաջադիմութեան օրէնքը այն է, որ դանդաղ, անյարմար, խոտակեր եւ մտային զարգացմամբ ստորին կենդանիներն ու ազգերը տեղի կուտան ճարպիկ, յարմարող, մսակեր ու մտային զարգացումով բարձր եղողներուն:
Միջավայրի փոփոխութիւններուն մասին խօսելու ատեն հարկաւ չենք կրնար չյիշել կլիմայական փոփոխութիւնները, ինչպէս տաքութիւնն ու ցրտութիւնը, օդն ու հովերը, կերակուրի շատութիւնն ու քիչութիւնը, երաշտութիւնն ու անձրեւոտ եղանակները, երկրաբանական յեղաշրջումները, ինչպէս երկրաշարժներն ու հրաբուխները, եւ աստեղաբանական փոփոխութիւններն ու ներգործութիւնները, որոնք թէ՛ բուսական ու կենդանական եւ թէ՛ մարդկային կեանքի զարգացման ու անհետացման վրայ ահագին ազդեցութիւն կ՛ընեն: Նոյնպէս պատմական եւ նախապատմական բազմաթիւ շարժումներ, մարդկային հոսանքներ ու գաղթումներ, միջավայրի կրած այս փոփոխութիւններուն արդիւնքն են: Ուր որ կեանքը միջավայրի այս վերիվայրումներուն ինքզինքը կրցած է յարմարցնել՝ ապրած է, իսկ ուր չէ կրցած յարմարիլ՝ փճացած ու անհետացած է:
բ) Ազգերու փճացման պատճառներէն մէկն ալ անոնց տնտեսական վիճակն է: Անհատները, ինչպէս եւ ազգերը, փճացման դատապարտուած են, երբ անոնց տնտեսական վիճակը վատթար է: Այդ պայմաններուն տակ անլուր ու անձայն կոտորած մը տեղի կ՛ունենայ: Կ՛ըսուի թէ միայն Հնդկաստանի մէջ ամէն իրիկուն հարիւր միլիոն ժողովուրդ առանց կերակուրի անկողին կ՛երթայ: Ոչ միայն հոն, այլ նաեւ քաղաքակիրթ ու լուսաւորեալ երկիրներուն մէջ ալ անօթի եւ անսնունդ մարդոց վիճակը պարզապէս զարհուրելի է: Քաղաքակիրթ կոչուած եւրոպական ազգեր աշխարհի 4 կողմը գաղութներ հաստատած՝ եւ անոնց առեւտրական անխիղճ շահագործումներուն պատճառով թէ՛ արեւելքի, թէ՛ Ափրիկէի եւ թէ՛ օվկիանոսի կղզիներու տգէտ ու անմեղ ժողովուրդները տնտեսական սուր անձկութեան մը մատնուած են: Այս ժողովուրդները անկարող ըլլալով իրենք զիրենք յարմարցնել՝ խորամանկ, անխիղճ ու անգութ եւրոպացիներուն «օրինական» կողոպտումներովը ստեղծած միջավայրին՝ դատապարտուած են անհետանալու:
գ) Ազգերու փճացման ուրիշ պատճառ մըն ալ անոնց սեռային վատասերումն է: Յաճախ կը պատահի, որ ազգի մը անդամները իրենք իրենց մէջ չափազանց մօտաւոր խնամութեամբ կ՛ամուսնանան, եւ մի քանի սերունդ յետոյ անոնց կենսունակութիւնը տկարանալով՝ փոխանակ առոյգ ու կայտառ մանուկներ յառաջ բերելու, տկարակազմ, գունատ ու ախտավարակ սերունդ մը կ՛արտադրեն: Հայերուս մէջ ամուսնութեան ատեն եօթը պորտ համրելու կարգադրութիւնը սքանչելի սովորութիւն մըն է, որ մեր նախահայրերը իբրեւ իրենց դարաւոր փորձառութեանց արդիւնք օրէնքի վերածած են: Լոմպրոզոյի, Մաքս Նորտաուի եւ Կէլթընի պէս ժառանգութեան օրէնքին մասին խուզարկութիւններ կատարող մեծ գիտուններն ալ եզրակացութեան կը յանգին, թէ մօտիկ ազգականներու մէջ կատարուած ամուսնութիւնները գրեթէ միշտ ախտավարակ սերունդի մը ծնունդ կուտան:
Եւրոպական արքունի ընտանիքներէն շատերը, այնչափ երկար ատենէ ի վեր իրարու հետ կ՛ամուսնանան՝ որ այլեւս անոնցմէ առհասարակ վտիտ, նիհար եւ ախտաժէտ սերունդ մը յառաջ կուգայ: Այս է իրողութիւնը ոչ միայն մարդկային սեռին համար, այլ նաեւ կենդանական աշխարհին համար ալ:
Կենդանաբաններ մեզի կը հաւաստեն, թէ եւրոպական գոմէշը, որ այժմ Լիթուանիա եւ Կովկասի մէկ մասին մէջ կը տեսնուի դարերով ինքն իր մէջ սերնդագործելով, գրեթէ անհետանալու վրայ է:
Սեռային վատասերման ուրիշ մէկ պատճառն ալ կարգ մը ըմպելիներն են, որոնք յաճախ սաղմնաբջիջին (germ-plasm) կազմին կ՛ազդեն եւ ախտաժէտ ու խաթարեալ սերունդի մը ծնունդ կուտան:
Ասոնցմէ զատ ներքին մոլութիւններ, հեշտասիրութիւններ, կերուխումներ ու զեխութիւններ, ցոփութիւններ, սեռային վատասերման աղբիւրներն են, որոնք ցեղին արիւնը կը թունաւորեն եւ վերջ ի վերջոյ զայն փճացման կ՛առաջնորդեն:
Սեռային վատասերման ուրիշ պատճառ մըն ալ, ինչպէս կը պնդեն շատ մը կենսաբաններ, ազնիւ ցեղի մը ստորին ցեղի մը հետ խառնուիլն է: Յաճախ գիտուններու մէջ խնդիր եղած է, թէ ի՛նչ էր պատճառը, որ Հին Յոյներն ու Հին Հռոմէացիները այդչափ բարձր քաղաքակրթութեան մը ծնունդ տալէն ետք մէկէն անյայտացան: Այս հարցումին ի պատասխան ըսուած է, թէ անոնց անյայտացման բուն պատճառը, այդ ազնիւ ու ազատ ազգերուն ստորին գերի ցեղերու հետ խառնուիլն էր: Կոպինօ (Gobinau) անհետացող բազմաթիւ ցեղերու վրայ կատարած ուսումնասիրութիւններէն այն եզրակացութեան կը յանգի, որ անոնք անհետացած են այսպիսի արիւնախառնութեան պատճառաւ: Եւ ապա Գերման ազգին անդրադառնալով կը պնդէ, թէ Գերմանացիները ազնիւ եւ մաքուր արիւն ունին, եւ այս է պատճառը՝ անոնց կենսունակութեան, մտային կարողութեան եւ յառաջդիմութեան:
Ասիկա թէեւ կենսաբանական իրողութիւն մըն է, եւ սակայն մեզի կը թուի, թէ Կոպինոյի պէս խորհող գիտուններէն շատերը իրենց տեսութիւնները ծայրայեղութեան կը տանին: Հին Յոյներու եւ Հին Հռոմէացիներու փճացման մէջ արեան խառնուրդը խիստ զգալի գործոն մը կրնայ եղած ըլլալ, բայց ատիկա ամբողջ իրականութիւնը չի բացատրեր: Արդ. պէտք է խնդրին մօտենալ համադրական վերլուծողական տեսակէտէն եւ ազգերու անհետացման պատճառ դարձող բոլոր գործոններուն լոյսին տակ ուսումնասիրել զայն եւ ըստ այնմ եզրակացութեան մը յանգիլ:
Հայերուն պարծանքը եղած է այն, թէ դարաւոր հալածանքներու եւ տառապանքներու ընթացքին՝ մինչ ուրիշ շատ մը ցեղեր իրենց գոյութիւնը կորսնցուցած են, իրենք դեռ կ՛ապրին. անոնք այս իրողութիւնը ամէն բանէ առաջ կը պարտին իրենց ազնիւ արեան: Թուրքն ալ այս իրողութեան վերահաս ըլլալով էր, որ իր անարգ ու վատ արիւնը ազնուացնելու համար հայ ցեղին հետ ամուսնանալու եւ խառնուելու ամէն միջոց որոնեց, եւ այսօրուան գեղեցիկ Թուրքին երակներուն մէջ Հայու ազնիւ արիւնը կը հոսի: Աւա՜ղ, որ այս իրողութիւնը տակաւին շատերու կողմէ լաւ ըմբռնուած չէ: Անհրաժեշտ է, որ ապագայ ազգին վերաշինութեան ու ազնւացման աշխատող թէ՛ ազգային իշխանութիւններ եւ թէ՛ հասարակական պատասխանատու առաջնորդներ այս խնդիրին վրայ լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն:
դ) Ազգի մը բնաջնջման ուրիշ մէկ ազդակն ալ զաւակագործութեան պակասն է: Հոլովոյթի օրէնքին համեմատ կեանքը որչափ բարձրանայ եւ ազնուանայ, այնչափ սակաւաթիւ սերունդ յառաջ կը բերէ՝ մէկ ծնունդով, եւ յղութեան ինչպէս նաեւ նորածին սերունդի աճման եւ զարգացման ժամանակամիջոցը կ՛երկարի: Կեանքի ստորին մակարդակին վրայ գտնուող կենդանիները, ինչպէս շունը, խոզը, կատուն եւ այլն մէկ ծնունդով մէկէ աւելի ձագեր կ՛արտադրեն, մինչդեռ մարդկային սեռը մէկ հատ եւ հազւադիպօրէն երկու հատ եւ կամ աւելի կը ծնի: Խնդիրը այս անկիւնէն դիտելով՝ շան մը եւ կամ կատուի մը մի քանի ձագերուն փճացումը իր ցեղին համար մեծ կորուստ մը չէ, սակայն մարդկային սեռին համար խնդիրը բաւական կը տարբերի: Անյարմար միջավայր մը, դէպք մը եւ կամ ուրիշ որեւէ միջոց մը՝ որ կ՛արգիլէ զաւակագործութիւնը ցեղին փճացումը կը փութացնէ:
Զաւակագործութեան արգելք հանդիսացող եւ հետեւաբար ազգի մը բնաջնջման սատարող պատճառները բազմազան են. անոնցմէ մի քանին միայն հոս կը յիշենք անցողակի կերպով:
Զաւակագործութեան արգելք հանդիսացող առաջին պատճառը, ինչպէս կը հաստատեն կենսաբաններ, սաղմնաբջիջին (germ-plasm) ըստ բաւականին բաժնուելու անկարողութիւնն է: Ինչպէս վերը յիշուեցաւ՝ հեշտասիրութիւն, ներքնամուսնութիւն (inbreeding), գիջութիւն եւ այլ ներքին մոլութիւններ սաղմնաբջիջին վրայ իրենց վատասերիչ ազդեցութիւնները կը ձգեն ու անկարելի կը դարձնեն անոր բաժանումը, որ պայմանն է սերնդագործութեան:
Զաւակագործութեան արգելք հանդիսացող պատճառ մըն ալ ամլութիւնն է, որ մի քանի պարագաներու տակ երեւան կուգայ, ինչպէս նախ արական թէ՛ իգական սեռային գործարաններուն ի ծնէ անբնականոնութիւնը, երկրորդ՝ այլեւայլ հիւանդութիւններու եւ անբնական գործածութիւններու միջոցաւ սեռային գործարաններուն ախտաւորումը կամ տկարացումը. երրորդ՝ կերուխումը, զեխութիւնը եւ քաղաքակրթութեան մեղկ ու վատասերիչ ազդեցութիւնը: Ասոնք յառաջ կը բերեն ամլութիւն, որ իր կարգին ցեղը կ՛առաջնորդէ փճացման:
Դժբախտաբար արդի քաղաքակրթութիւնը իր արտաքնապէս փայլուն եւ շլացուցիչ երեւոյթին տակ՝ կը ծածկէ կարգ մը հրէշութիւններ, ինչպէս սեռային անբարոյականութիւն, զաւակագործութիւնէ խորշում, սաղմնասպանութիւն, մինչեւ իսկ մանկասպանութիւն, ամուրի կեանք մը վարելու անբնականոն հակում եւ խառնագնաց (promuscuous) ցոփութիւն, ատոնց ամէնքն ալ ցեղին վատասերման եւ անհետացման պատճառ կը դառնան:
Ամերիկայի փառքն ու պարծանքը եղող Եանգիները զաւակագործութեան պակասէն փճանալու վտանգին մէջ կը գտնուին: Հին Հռոմէական կայսրութեան քայքայման ու տապալման ամենէն կարեւոր պատճառներէն մէկն ալ ընտանեկան սրբութեանց պղծագործումը եւ զաւակագործութեան պակասն էր:
Թրքական հալածանքներն ու ջարդերը հայ ցեղին համար կարծուածէն շատ աւելի սուղի նստած են: Հայորդիներ իրենց տունն ու տեղը ձգելով գաղթած են հեռաւոր երկիրներ: Ասոր վնասը սա եղած է, որ հայրենիքը դատարկուի իր զաւակներէն, որոնց ընտանիքները մատնուած են ոչ միայն թշուառութեան, այլ եւ անզաւակութեան, եւ իրենք ալ քիչ բացառութեամբ այդ օտար երկիրներու բիւրազան փորձութիւններէն խաբուած ու ախտաւորուած են:
ե) Ազգերու փճացման պատճառներէն մէկն ալ նոյնինքն քաղաքակրթութիւնն է: Մարդաբանութիւնը ցոյց կուտայ, որ այն ցեղերը, որոնք տակաւին նախնական վիճակի մէջ կը գտնուին եւ բնութեան հետ սերտ շփման մէջ են, անոնք աւելի կենսունակ եւ տոկուն են, սակայն անոնք երբ քաղաքակրթուին՝ այն ատեն անոնց կենսունակութիւնն ու տոկունութիւնը ահագին համեմատութեամբ կը նուազի: Քաղաքակրթութեան մեղկ ազդեցութիւնները, քաղաքի նստուկ ու միօրինակ կեանքը, զեխութիւնները, անմաքուր օդն ու ջուրը, ապառողջ բնակարանները, վատասերիչ այլազան փորձանքները մարդ կ՛այլասերեն:
Քաղաքակիրթ երկիրներու ժողովուրդներ ընդհանրապէս արդի գործարանական կեանքի ստիպումներուն տակ մարմինին տարբեր մասերն ու ջիղերը կը գործածեն ու կը զարգացնեն, մինչ մարդուն դարերու ընթացքին բիւրազան գործոններու շնորհիւ զարգացուցած զօրաւոր ջիղերը անգործութեան կը դատապարտուին:
զ) Ազգերու փճացման ազդակներէն ալ մէկն զօրաւորին տիրապետութիւնն է տկարին վրայ, ինչ որ ծանօթ է «իրաւունքը զօրաւորինն է» ասացուածով: Մարդս ամենէն անգութ արարածն է: Բռնապետներ այս կամ այն ձեւին տակ հպատակ ազգերուն յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը սահմանափակած են եւ զանոնք ուղղակի եւ կամ անուղղակի միջոցնեով կեղեքած, հալածած ու ջարդած են: Քանանու բազմաթիւ ցեղերը Հին Հրեաներուն կողմէ հուրի ու սուրի մատնուեցան, Թասմանիոյ բնիկները Անգլիոյ տիրապետութեամբ անձայն կերպով անհետացան, Հրեաներ Փոլոնիոյ մէջ կը հալածուին ու կը ջարդուին, եւ Հայեր բարբարոս պետութիւններու եւ ի մասնաւորի թրքական անարգ կառավարութեան կողմէ հալածուած, կեղեքուած եւ ջարդուած են: Հետեւանքը այն եղած է, որ այն հալածուող ժողովուրդները կա՛մ ուղղակի ջարդերու միջոցով փճացուած են, եւ կա՛մ ալ հալածանքներու առջեւ չկրնալով դիմանալ՝ արտագաղթելու ստիպուած են:
«Լուսանցք» թիվ 14, 15 (145, 146), 2010թ.



