Թքաման․․․․

Հայ ժամանակակից պատմութեան ամէնէն մօտաւոր եւ սակայն ամէնէն ազատ ու մոռցուած շրջանն է ամիրաներու շրջանը: 3 դարեր իր ազդե-ցությունը ունենալէ յետոյ ոչ միայն ազգային այլ օսմանեան պետութեան տնտեսական կեանքին վրայ, այդ այնքան հետաքրքրական շրջանը գրեթէ առանց պատմագրի կը մնայ ցարդ:
ԺԹ. դարու սկիզբը, ամիրաներու վերջին սերունդն է որ կ՛ապրի, հին դարերու աւանդական ու մեծաշուք բարքերով, առանց կասկածելու իր մո-տալուտ վախճանին վրայ որու այնքան յեկակարծօրէն պիտի յաջորդէր նոր բարքերու եւ նոր օրերու շրջան մը, նախորդին յիշատակը նետելով մշուշապատ հորիզոնէ մը անդին, հեռաւոր անցեալի մը պէս, առասպելական դարերու մէջ ապրուած կեանքի մը յիշատակին պէս:

Շատ կը սիրեմ այդ հին օրերու յիշատակները, որոնք մեր հայրերուն համար տակաւին կենդանի էին: Պատմութիւնը զոր պիտի ընեմ, մտքիս վրայ խորապէս տպաւորուած է մանկութեանս օրերուն, որովհետեւ ընտանեկան աւանդութիւն մըն է ան, մեծ մօրս մօրեղբօր Երկանեան ամիրային պատմութիւնն է, որ սրբապղծութեան մը վրէժը լուծելու համար հաւատուրաց կ՛ըլլայ. այս պատմութիւնը բերանացի եւ գրա-ւոր աւանդուած է մօրս մէջ եւ կրնայ ազգային ժաանակակից պատմութեան մոռցուած էջերէն մին լուսաւորել:
1819թ. վերջերը Արքունի Փողերանոցի ժառանգական գործակալները եղող Տիւզեաններու տունը երբ կործանուեցաւ, անոնց ստացուացքը եւ բնակարանները աճուրդի դրուեացան արքունիքին կողմէ:
Անոնց Եէնի գիւղի ծովեզերեայ ապարանքը յափշտակութեան բաժինը եղաւ Պաշ Մապէյլինճի Հալէթ էֆէնտիի սեղանաւոր Իսխէլ հրեա-յին, որ իր էֆէնտիին հետ գլխաւոր դահիճն էր Տիւզեաններուն:
Այդ նոյն ապարանքին մէջ, ձմեռնային օր մը, տեղի կ՛ունենար աճուրդը, պալատի պաշտօնեաներուն կողմէ. աւագանիէն շատեր, մեծամեծնե-րու բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ ամիրաներ ներկայ էին աճուրդին:
Ամիրաներուն համար, Տուզեանները հարուածող աղէտը բաւական ցնցող էր եւ եթէ անոնցմէ անուանիները սիրտ ըրած էին ներկայ գտնուե-լու աճուրդի տխուր տեսարանին այդ սգաբոյր բնակարանին մէջ, բոլորովին տարբեր մտահոգութեամբ մը առաջնորդուած էին հոն: Տիւզեան-ները իբրեւ հայ հռումէականներ իրենց տան մէջ սենեակ մը մատուռի վերածած էին գաղտնապէս, ինչպէս բոլոր հայ հռովմէականներու տուներուն մէջ, այդ շրջանին, երբ եկեղեցիներ չունէին եւ արգիլուած էր խստիւ լատին եկեղեցի յաճախելը: Արդ, այն մարդը որ առանց արտօնութեան իսլամ երկրի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցի կը կանգնէր՝ մահուամբ կը պատժուէր… ահա թե ինչո՞ւ ամիրաները ներկայ էին ա-ճուրդին, ելք մը գտնելու համար ըլլալիք յայտնութենէն առաջ գալիք աղէտը դարմանելու եւ եկեղեցական անօթները աճուրդէն փրկելու համար:
Վերջապէս Հայերու այնքան սրտատրոփ կերպով սպասածը տեղի կ՛ունենայ. դուռ մը կը բացուի ու կ՛երեւայ սենեակին խորը խորան մը, սրբոց պատկերներով, խաչ եւ մոմերով, սեղանին վրայ հաղորդութեան սկիհը:
Ներկայ աւագանին խոժոռած կանգ կ՛առնէ դրան սեմին վրայ, ամիրաները կը գունատին…: Բայց ահա յանկարծ այդ վարանող բազմութեան մէջէն մէ-կը կը յառաջանայ սենեակէն ներս. նոր տանտէրն է, Տիւզեաններու դահիճը Իսխէլ հրեան կը մօտենայ խորանին, կը վերցնէ սկիհը եւ ձեռ-քին մէջ խաղցնելով հեգնական քմծիծաղով մը կ՛ըսէ. – ԹԻՒՔԻՈւՐՏԱՆԼԻ՛Ք… (թքաման): Բայց հազիւ սրբապիղծ խօսքերը շրթներէն դուրս ելած շառաչուն ապտակ մը մէկդի կը գլորէ զինքը, ամուր ձեռք մը իր դաստակը կը ճմլէ ու կը խլէ Ս. Սկիհը:
Մահատիպ լռութիւն մը կը տիրէ ներկաներուն մէջ, ամէն ոք ճանչցած է ապտակողը, Հաճի Չէլէպին է ան, Երկանեան Յովհաննես ամիրան, որ բարկութենէն գունատած Ս. Անօթը շրթներուն կը տանի ու երկիւղածօրէն կը զետեղէ սեղանին վրայ:
Ջհո՛ւտ, – կը դառնայ ան Իսխէլին,- քու պիղծ ձեռքերդ անարժան են սրբութեան հպելու:
Իսխէլ երկար ու մահացու նայուածք մը կը նետէ Երկանեան ամիրային վրայ. Տիւզեաններու այդ մոխրացած տան մէջ, զանոնք խորտակող մար-դուն նայուածքը մահ կը նշանակէր…:
Ամիրային աչքերը տարօրինակ հանդարտութեամբ մը կը չափէին այդ իժի նայուածքը…:
ԺԹ. դարուն սկիզբը, Կ. Պոլիս տակաւին կ՛ապրէր Արեւելեան մայրաքաղաքի իր ահրաւրոտ ու կախարդիչ կենցաղը. Պաղտատի ու Բիւզանդիոնի ո-գիները դարերէ ի վեր կը գիրկընդխառնուէին անոր ծոցին մէջ, մէկուն հրայրքը եւ միւսին թովչութիւնը կը հեւային լախտահար փա-շաներու թունահար հուրիներու դիւային պարին մէջ:
Ենի Չէրիներու սարսափին տակ ապրող ժողովուրդին համար սովորական է տեսնել Պապը Հիւմայունի առաջ, կամ բազմամբող հրապարակի մը անկիւնը, արծաթեայ ափսէի մը մէջ ցուցադրումը գլուխներուն՝ օր մը առաջ մեծահզօր վէզիրներու:
Հզօր փաշաներ՝ ինչպէս Պաղտատի Սիւլէյման, Եանիայի Թէփէ տէլէնլի Ալի, կամ Մսըրի Մէհմէտ Ալի՝ աւատներու պէս իրենց յանձնո-ւած աշխարհներու վրայ տիրող, կ՛ապստամբէին Սուլթան Մահմուտի դէմ. ոմանց գլուխները կ՛իյնային եւ ոմանք կը յաղթէին:
Պալատականներ, երբեմն ներքինիներ, ահարկու եւ հզօր կը դառնային դաւադրութեան եւ խարդաւանանքի զէնքով, իրենց եւ Սուլթանին թշնամիները ընճելով եւ իրենք ալ օր մը կ՛իյնային իրենց ձեռք ձգած ազդեցութեան վրայ, արքայական կասկածամտութեան զոհուելով:
Սուլթան Մահմուտի Գահակալութեան խռովալից տարիներէն սկսեալ պալատական մը, Պաշ Մապէյնճի Հալէթ էֆէնտի, ահւոր ազդեցութիւն մը ձեռք բերած էր: Պալատականը իր առաջին յաջողութիւնը կը պարտէր Իսխէլ հրեային որ Պաղտատի Սիւլէյման փաշային սեղանաւորն ըլ-լալով դաւաճանած էր իր տիրոջ, զայն կորուստի մատնած եւ ծուղակը ձգելով գլխատել տալու փառքը վաստկցուցած էր Հալէթ էֆէնտիին:
Հալէթ էֆէնտիի ազդեցութիւնը չարաշուք կերպով տեւած էր, անխորտակելի, ընդհակառակն ան իր ճամբուն վրայ գտած վէզիրներն ալ խորտակած էր, եւ Մեծ Վէզիր Պէնտէրլի Ալի փաշան իր պաշտօնակալութենէն 2 շաբաթ ետքը Կիպրոս աքսորուելով գլխատուած էր Հալէթի դէմ դաւադրելուն համար:
Ահա թէ ի՞նչ տեսակ մարդու արբանեակն էր Իսխէլ, որ Տիւզեանները կործանելէն քիչ յետոյ, Չերազեան Գասպար ամիրան գլխատել տուած էր իբրեւ Եանիայի ապստամբ Թէփէ Տէլէն Ալի փաշայի սեղանաւորը: Երկանեան ամիրան պիտի պայքարէր այս ուժերուն դէմ:
Բաւական զարմանք եւ ուրախութիւն զգաց Շէյխ իւլ Իսլամը երբ իր «բարեկամ» Հաճի Չէլէպին ներկայացաւ իրեն եւ յայտնեց թէ հագ տինը ընդունելու պատրաստ էր…
Հաճի Չէլէպիին Գուրու Չէշմէի ապարանքին մէջ այդ իրիկունը սուգի օրը սկսաւ. ամիրան անգամ մըն ալ չերեւաց իր ընտանեկան յար-կէն ներս…
Երբ իր հաւատքին պաշտպանութեան համար հաւատքն ուրանալու մղուած ամիրան ստիպուեցաւ հագնիլ իսլամական հագուստը, ըստ սովորու-թեան, Սուլթանը իր աստիճանին յարմար պաշտօն մը ընտրել առաջարկեց իրեն. Հաճի Չէլէպին մաքսային տեսչութեան պաշտօնը խնդրեց եւ ստացաւ… իր արարքին մղուած էր ան ոչ միայն ինքնապահպանման այլ՛եւ վրէժի զգացումով, եւ զինքը այդ վրէժին տանող ճամբան կը յար-դարէր:
Դարձեալ ըստ սովորութեան իսլամ աղջիկը մը տուին իրեն կնութեան. ան իր կնոջ եւ զաւակներուն նահապետական տունը կանգուն պահեց, բայց իրեն արգիլուեցաւ յարաբերութիւն ունենալ իր քրիստոնեայ ընտանիքին հետ… Միայն թէ իր իսլամ մանկամարդ կինը շաբաթը անգամ մը այցելութեան կ՛երթար քրիստոնեայ «պաշ գատըն»ին, որ իր զաւակներուն հետ ապարանքին մէջ քաշուած կ՛ապրէր. այդ այցելու-թեանց ատեն երիտասարդ իսլամուհին ծունկի վրայ կը նստէր ամիրային կնոջ բազմոցին դիմաց, ու կը պատմէր անոր իր ընտանիքէն յաւէտ զրկուած եւ օտար բոյնի մէջ բնակող մարդուն մասին…
Իսխէլ այլեւս չէր կրնար խորհիլ Հաճի Չէլէպիէն կերած ապտակին վրէժը լուծելու վրայ. հրեայի գործ չէր իսլամի հետ չափուիլը:
Երուսաղէմ գացած, երկիւղած քրիստոնեայ էր Հաճի Չէլէպիէն. ամէն իրիկուն ծնրադիր «եկեսցէ» եւ «հաւատով խոստովանիմ» կ՛ստուէր տան մէջ: Ան 1809-ին Երուսաղեմայ Ս. Յակոբայ վանքը յունաց ձեռքէն ազատողներէն մէկն էր եղած… Բայց երբ ազգային հորիզոնէն քաշո-ւեցաւ՝ ոչ ոք կրցաւ թափանցել այդ մարդուն հոգին բզկտող ողբերգութեան. բայց այդ հոգին ամուր պահողը վրիժառութեան սեւեռուն գա-ղափարն էր միայն:
Տարիէն աւելի անցած էր միջադէպէն ի վեր, իսլամացած Հաճի Չէլէպին ձեռնհասօրէն կը վարէր իր նոր պաշտօնը: Այնքան մոռցուած ու քա-շուած կ՛ապրէր. այնքան իր ազդեցութիւնը միմիայն իր պաշտօնին սահմաններուն մէջ ամփոփուած, որ ոչ ոքի մտահոգութիւն կ՛ազդէր իր գոյութիւնը: Իր թշնամիներուն համար Հաճի Չէլէպին իսլամացած էր իրենց վրիժառութենէն վախնալով. ոչ ոք կրնար կասկածիլ թէ անոր գաղտնապէս պատրաստած վրիժառութեան գործը կը հասուննար մութին մէջ: Խիստ գաղտնի կերպով ան խորհրդաւոր թղթակցութիւն մը կը վա-րէր արտասահմանի հետ, իր վերջին օրերը անոր ներքին աշխարհը ճանչցող մը պիտի կրնար գուշակել՝ թէ տենդի մէջ կ՛այրի…:
Վերջապէս օր մը ան յանկարծ բռնել կու տար Իսխէլ հրէին հասցէին եկած սնտուկներ եւ թղթակցութիւն մը. կը քննէր սնտուկներուն պա-րունակութիւնը իր պաշտօնեաներուն ներկայութեան, որմէ վերջ անմիջապէս փոխադրել կու տար զանոնք Սուլթանին պալատը եւ ինքն ալ անմիջապէս հոն ներկայանալով ունկնդրութիւն կը խնդրէր:
Տէր իմ,- ըսաւ ան երբ Սուլթան Մահմուտին ներկայութեան ելաւ,-  տէրութեանդ դէմ դաւադրողներ բռնեցի: Եվ ցոյց տուաւ անոր սնտուկնե-րը որ թագաւորին կեղծ դրամներովը լեցուն էին, իսկ նամակը որ Իսխէլին հասցէով եկած էր, ահաւոր ապացոյց մըն էր անոր եւ Հալէթին դաւադրութեանը արտաքին թշնամիին հետ: Սուլթան Մահմուտի բարկութիւնը ահաւոր եղաւ, ան հրամայեց Պօստան Պաշըյին գլխատել 2 դաւա-ճանները: Հալէթ էֆէնտին տարին Գոնիա եւ հոն գլուխը կտրելով բերին Պոլիս: Իսկ Իսխէլ հրեան տարին Թէքէ, հոն գլխատեցին զայն ու իր անիծեալ գլուխը բերին Կ. Պոլիս: Հաճի Չէլէպին գնաց դիտելու այդ ցուցադրուած գլուխը. տանջանքէն եւ զգացած սարսափէն անճանա-չելի դարձած էր ան. բայց Հաճի Չէլէպին ժպտեցաւ ճանչնալով այն որդնալից շրթները որոնք սրբապիղծ խօսքը արտասանած էին, եւ զո-րոնք յաւիտենական անշարժութեան դատապարտեր էր ինք: Իր անարգուած հաւատքին վրէժը լուծուած էր. ի՜նչ բուռն հաւատք էր այդ որու դէմ ե-ղած անարգանքը սրբեր էր ահա զայն ուրանալու գնով:

Լեւոն  Թիւթիւնճեան
Գօրֆու, 22 Սեպտեմբեր, 1923թ.
Լոյս է տեսած Թէոդիկի Ամէնուն Տարեցոյցի 1924թ. հատորին մեջ

«Լուսանցք» թիվ 27 (158), 2010թ.

This entry was posted in Հ.Ա.Մ., Հոդվածներ. Bookmark the permalink.